image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիացի գործարար Մոհամմէտ Մաքիի նուէրը ՝ Մատենադարանին

Սուրիացի գործարար Մոհամմէտ Մաքիի նուէրը ՝ Մատենադարանին

Հայաստանի  բնակող սուրիացի գործարար՝ Մոհամմէտ Մաքքին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին յատկացուց դրամական աջակցութիւն հրատարակչական ծրագիրներու իրականացման նպատակով:

Մատենադարանի տնօրէն՝ Վահան Տէր Ղեւոնդեան շնորհակալութիւն յայտնեց գործարարին նուիրատուութեան համար, նշելով, որ յատկապէս համավարակի այս օրերուն այսպիսի աջակցութիւն շատ կարեւոր է եւ ժամանակին:

Մոհամմէտ Մաքքին իր խօքին մէջ ընդգծեց, որ Մատենադարանին աջակցութիւնը պիտի կրէ շարունակական բնոյթ: Հանդիպման  կը մասնակցէին Մատենադարանի գիտական գծով փոխ տնօրէն, «Մատենադարանի բարեկամներ» հիմնադրամի տնօրէն՝ Կարէն Մաթեւոսեան եւ մասնաճիւղ Մատենադարան-Գանձասար գիտամշակութային կեդրոնի տնօրէն՝ Արամ Թորոսեան:
Նուիրատուութեան պայմանագիրը ստորագրուելէ ետք, Մատենադարանի տնօրէնը գործարար Մոհամմէտ Մաքքիին յանձնեց շնորհակալագիր: