Բնիկ սուրիացի եւ ներկայիս Գանատա հաստատուած հայուհի Ռանա Գալբաքճին օրերս հանդէս եկած է ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպէն։
Մեր տուեալներով հայուհին նախաձեռնութիւն վերցուցած է մեծագումար արժողութեամբ բժշկական սարքեր առաքել եւ այդպիսով նպաստել առհասարակ Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ «Քորոնա»ի դէմ տարուած պայքարին ուժեղացման։
Կը նշուի նաեւ, որ բարերարուհին այս նախաձեռնութիւնը կը կատարէ ի յիշատակ իր մեծ հօր Ռէյմոն Գալբաքճիին։