image
Հրատապ լուրեր:

Քիմ Քարտաշեանի կոչը՝ «Աջակցինք Հայաստանի փոքր ձեռնարկութիւններուն»

Քիմ Քարտաշեանի կոչը՝  «Աջակցինք Հայաստանի փոքր ձեռնարկութիւններուն»

Ամերիկեան Keeping Up With the Kardashians իրապատում շոուի (ցոյցքի) հայազգի աստղ, նորաթուխ միլիառատիրուհի Քիմ Քարտաշեանը իր թուիթըրեան էջի միլիոնաւոր հետեւորդներուն կոչ ըրած է աջակցելու Հայաստանի մէջ փոքր ձեռնարկութիւններու զարգացման` նուիրատւութիւն կատարելով Հայաստանի աջակցութեան հիմնադրամին:

«Դիտարկեցէք Հայաստանի աջակցութեան հիմնադրամին նուիրատւութեան հնարաւորութիւնը «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի եւ փոքր ձեռնարկութիւններու զարգացման համար»,-գրած է Քարտաշեան` կից հրապարակելով Երեւանի համայնապատկերի լուսանկարը:

Յայտնի է, որ Հայաստանի աջակցութեան հիմնադրամը «Փարոս» հիմնադրամի հետ համատեղ Հայաստանի մէջ փոքր ձեռնարկութիւններու զարգացման նախաձեռնութիւն սկսած է:

Изображение