image

Ամերիկեան The Washington Post-ը անդրադարձած է Սպիտակ տան մամլոյ խօսանկի Ցեղասպանութիւն բառի արտաբերման

Ամերիկեան The Washington Post-ը անդրադարձած է Սպիտակ տան մամլոյ խօսանկի Ցեղասպանութիւն բառի արտաբերման

Ամերիկեան հեղինակաւոր The Washington Post պարբերականը անդրադարձած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Քայլէյ ՄքԷնընիի՝ 6 յուլիսին կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթի հրապարակային կիրառման: ՄքԷնընին յայտնած էր, որ ԱՄՆ-ի մէջ վանտալիզմի զոհ դարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը։

Պարբերականը կը նկատէ, որ մամուլի քարտուղարի շուրթերէն հնչած եզրոյթը կարեւոր է այն առումով, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը տասնամեակներ շարունակ  հրաժարած է ճանչնալ 20-րդ դարի սկիզբին տեղի ունեցած դէպքերը:

«Թրամփի մերձաւոր դաշնակից Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, ըստ երեւոյթին, ուրախ չըլլար այդ կապակցութեամբ»,- գրած է յօդուածագիր Աարոն Պլեյքը՝ ընդգծելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով Միացեալ Նահանգներու կողմէ տասնամեակներ շարունակ վարուող ժխտողական քաղաքականութեամբ մէկտեղ Սպիտակ տունը, թէեւ ոչ կանխամտածուած, բայց արտաբերեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը։

Հեղինակը նկատած է, որ ամբողջ երկրով մէկ յուշարձանները պղծող ցուցարարներու գործողութիւնները դատապարտելու ընթացքին Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարը Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը անուանած է իր «ճշգրիտ անունով»։

Յօդուածին մէջ նաեւ ըսուած է, որ Սպիտակ տան մամուլի քարտուղարի խօսքերը «անախորժ իրավիճակ ստեղծեցին ներկայիս վարչակազմի համար, որ, ինչպէս իր նախորդները, ակնյայտօրէն կը խուսափի «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի կիրառումէն»։

Հեղինակը կը յիշեցնէ, որ Միացեալ Նահանգները երկար տարիներ կը հրաժարի ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ հետ իր ռազմավարական դաշինքի պատճառով։

Մէջբերելով հանրապետական ծերակուտական  Լինտսի Կրեհըմի խօսքերն առ այն, որ «Ցեղասպանութեան ճանաչումը քաղաքական առումով իսկապէս վտանգաւոր է»՝ յօդուածագիրը նշած է, որ «Սպիտակ տունը, վստահաբար, պիտի պնդէ, որ ՄքԷնընին պարզապէս յուշարձանը անուանած է իր անունով», սակայն այս դէպքը, միեւնոյնն է, իրադարձային էր, քանի որ երկար տարիներ Սպիտակ տան պաշտօնական շուրթերէն այդ եզրոյթի կիրառումը արգիլուած եղած է։