image

Վարակը տակաւին չէ հասած իր գագաթնակէտին.ԱՀԿ-ի Ղեկավար

Վարակը տակաւին չէ հասած իր գագաթնակէտին.ԱՀԿ-ի Ղեկավար

«Քորոնա» ժահրային համավարակը աշխարհի մէջ դեռ չէ հասած իր գագաթնակէտին: Այս մասին յայտարարած է առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնը: Այս մասին կը յայտնէ TASS լրատուական գործակալութիւնը:

Ատհանոմ Կեպրէյեսուսի խօսքով՝ վարակի բռնկման սկիզբը 12 շաբթուան ընթացքին յայտնաբերուած էր «Քորոնա» ժահրային վարակի 400 հազար դէպք: Այն ինչ միայն անցած հանգստեան օրերու ընթացքին աշխարհի մէջ արձանագրուած է 400 հազար դէպք: Պաշտօնեան ընդգծած է, որ համավարակի թափը պիտի աւելնայ: Կառոյցի ղեկավարը նաեւ նշած է, որ չնայած արձանագրուած բարձր թիւերուն, մահացութեան մակարդակը համաշխարհային մաշտապով կայունացած է:

ԱՀԿ-ի տուեալներվ՝ աշխարհի մէջ մինչ այժմ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրի 11,5 միլիոն դէպք, որոնցմէ աւելի քան 535 հազարը՝ մահուան ելքով: