image
Հրատապ լուրեր:

Իրաքեան ֆութպոլի «առասպել» համարուած Ահմատ Ռատի զոհ ՝ «Քորոնա»ին

Իրաքեան ֆութպոլի   «առասպել» համարուած  Ահմատ Ռատի  զոհ ՝ «Քորոնա»ին

Իրաքեան   ֆութպոլի սիրահարները    կը շարունակեն  սգալ     երկրի  Ֆութպոլի ազգային հաւաքականի երբեմնի աստեղերէն՝ Ահմատ  Ռատիի  մահը, որ զոհ գնաց «Քորոնա» վարակին։

 

Ռատին,  ոչ միայն   Իրաքի Ազգային Հաւաքականի  կարեւոր ռմբարկուն էր, այլ Մոնտիալի մրցումներուն  Իրաքի  հաւաքականի միակ  կոլը նշանակողը։

Անցնող քանի մը օրերուն, ընկերային ցանցերը ողողուեցան Ռատիի նկարներով ու տեսաերիզներով:  Այդ տեսերիզներու  շարքին  Ռատիի մահէն քանի մը ժամ առաջ արձանագրուած երիզը, ուր ֆութպոլիստը՝ հիւանդանոցի անկողնին վրայ, կապուած շնչառական սարքին, դժուարութեամբ խօսելով կը դիմէր իր երկրպագուներուն եւ կը  պատմէր  իր առողջական վիճակին մասին, ապա փառք տալով կ'ըսէր.- «Բարին Աստուծմէ»:

Պաղտատի «Ալ Նաաման» հիւանդանոցի տնօրէնը, նախապէս ըսած էր, թէ Ռատիի առողջական վիճակը կարգաւորուած էր, ան հեռաձայնով կրցած էր խօսիլ իր ընտանիքին հետ, եւ նոյնիսկ շնչառական սարքը անջատած էր, իր պէտքերը հոգալու համար, սակայն 7:15-ին ուշաթափուած է, եւ հակառակ բժիշկներու ցուցաբերած օգնութեան  կնքած էր իր մահկանացուն։

Ռատի ծնած էր 21 ապրիլ, 1964-ին, մանկութենէն ի յայտ եկած է իր տաղանդը, անդամակցած է «Ալ Ռաշիտ» եւ «Ալ Զաուրա» ակումբներուն: 1980-90 ականներուն միացած է երկրի հաւաքականին, որ իր շնորհիւ 1986-ին հասած է Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցած Մոնտիալին: Ան յաջողած էր նշանակելու իր խումբի միակ կոլը Պէլճիքայի դէմ:  Իսկ  1984-ին նոյն   կազմին հետ  Ռատի  եւ իր ընկերները    կարողացած են տիրանալ  Արաբական Ծոցի ախոյեանութեան բաժակին:

1988-ին  ան  եղած է մրցանակակիրը  Ասիոյ Լաւագոյն խաղցող տիտղոսին: Ապա սկսած է զբաղիլ քաղաքականութեամբ,   եւ   ընտրուած Իրաքի խորհրդարանի երեսփոխան, եւ «Երիտասարդութեան եւ Մարզանքի» խորհրդարանական յանձնաժողովի անդամ: