Անյապաղ պատիժներ Թուրքիոյ դէմ. ԱՄՆ պատասխանատուներու պահանջը

09 Յուլիս 2020 , 14:48
ԱՄՆ Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութիւնները ներկայացնող 4 պատգամաւորներ նամակ յղած են երկրի պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփերին եւ պահանջած Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառել` Ռուսաստանէն С-400 զենիթահրթիռային համակարգեր գնելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ Yeniçağ Gazetesi պարբերականը:
Պաշտպանութեան նախարարին ուղարկուած նամակը ստորագրած են դեմոկրատ ծերակուտականներ Ժան Շահինը, Քրիս Վան Հոլլընը եւ հանրապետական Թոմ Թիլլիսն ու Ճեյմս Լանքֆորտը:
Նամակը իր թուիթըրեան էջին հրապարակած է Շահինը, կցելով հետեւեալ գրութիւնը. «Մենք ջանացած ենք նախագիծը օրէնքի վերածել, որպէսզի Էրտողանին ցոյց տանք, որ ՆԱԹՕ-ի եւ թրանսաթլանթեան անվտանգութիւնը թուլացնելու նպատակով անոր ձեռնարկած քայլերը չեն կրնար հաւանութեան արժանանալ։ F-35 կործանիչներու մատակարարման շղթայէն Թուրքիոյ հեռացումը երկու կուսակցութիւններու ջանքերու արդիւնք էր, որուն նպատակն էր ապահովել, որ Էրտողանը պատասխան տայ, ինչպէս նաեւ՝ պաշտպանէ ԱՄՆ-ի արհեստագիտութիւնները։ Եկած է ժամանակը, որ իշխանութիւնները անյապաղ կիրառեն այս օրէնքը»,-գրած է Շահինը:
Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ С-400 համակարգերու գնման շուրջ բանակցութիւններու մասին առաջին անգամ յայտնի դարձած էր նոյեմբեր 2016-ին, իսկ վաճառքի մասին պայմանագիրը կնքուած էր սեպտեմբեր 2017-ին. ձեռք բերուած զենիթահրթիռային 4 միաւոր համակարգերու արժէքը 2,5 միլիառ տոլար կազմած է:

Լրահոս
Խապրիկ
Լուսանկար եւ պատմութիւն

2020-08-08 - Հայ պատմաբանը՝ Պէյրութի աւերակներուն մէջ

2020-05-24 - Վարդան Մամիկոնեանի յայտնի նկարի պատմութիւնը

2020-05-11 - Օշարակ վաճառողը` Խարբերդէն. 1910 թ.

2020-04-29 - Հայ կանանց «ազգային» դիմակները՝ անկախ համաճարակներէն

Ի՞նչ Գրեցին

2021-01-17 - Դէպի Լիբանան «Քորոնա»ի պատուաստները՝ Փետրուարին

2021-01-05 - Քաթար կը վերադառնայ իր կարեւոր դերին

2020-12-30 - «Պանք ալ ահտաֆ»ի դիմաց ՝ «խելացի հրթիռներ»

2020-12-29 - Աբօ Աշճեան գլխագիր ղեկավարը
Ամենաընթերցուած
Օրվա
Շաբաթվա
Ամսվա

2021-01-15 - Պէյրութի մէջ. «Քորոնա»ի հետեւանքով 2 երիտասարդ զոհեր

2021-01-16 - Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

2021-01-19 - Ընտրութիններու յետաձգումը Փաշինեանի յօգուտ չէ

2021-01-07 - Հալէպ ծնած Կարօն՝ հայրենիքի նահատակ