image

Յայտնի են Ատրպէյճանեան բանակի զոհերու անունները

Յայտնի են Ատրպէյճանեան բանակի զոհերու անունները

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով սպանուած են ատրպէյճանցի 2 բարձրաստիճան սպաներ․ այս մասին, ինչպէս կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, յայտարարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխնախարար Քերիմ Վելիեւը։

Ըստ Վելիեւի՝ մէկը զօրաբաժնի զօրավար (գեներալ-մայոր) Փոլատ Հաշիմովն է, միւսը՝ գնդապետ Իլկար Միրզոեւը։ 

Ինչպէս նշած է Interfax-ի ատրպէյճանական ծառայութիւնը, միայն 14 յուլիսին Ատրպէյճանը կորսնցուցած է 7 զինուորական․ բացի Միրզոեւէն եւ Հաշիմովէն՝ սպաննուած է եւս հինգ հոգի, ներառեալ երկու սպայ։

«Զոհուած են  մայորներ Նամիկ Հաճան օղլու Ահմետովը, Անար Կիւլտաւերտի օղլու Նովրուզովը, ենթասպայ Եաշար Ուասիֆ օղլու Պապաեւը, ենթասպայ Իլկար Այազ օղլու Զէյնալին եւ պայմանագրային զինծառայող Էլչին Արիֆ օղլու Մուսթաֆազատէն»,- ըսած է Վալիեւը։

Ատրպէյճանցի զօրավարի սպանութեան մասին տեղեկութիւն հրապարակած է նաեւ ՊՆ Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի մարշալ Հ. Բաղրամեանի անուան հրամանատարաշտապային հիմնարկի պետ, ՊՆ նախկին խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը։