Ֆրանսայի Նանթ քաղաքի գլխաւոր տաճարին մէջ հրդեհ ծագած է։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ France 24 կայանը։
Աղբիւրը կը նշէ, որ հրդեհը ծագած է առաւօտեան ժամերուն, եւ հրշէջ մարմիններ մեծ ճիգեր կը գործադրեն մարելու համար զայն։
Կը նշուի նաեւ, որ Սուրբ Պօղոս-Պետրոսի տաճարը կը համարուի Նանթի մեծագոյն եւ ամենապատմական տաճարներէն մին եւ անոր կառուցումը տեւած է 457 տարի։
Տուժածներու մասին լուրեր չեն հաղորդուիր։