image

Հալէպի Առաջնորդարանէն գոյժ. Մահացած է Բերիոյ Թեմի Ազգային Վարչութեան Ատենապետ ՝ Յարութիւն Քիլիսլեանը

Հալէպի Առաջնորդարանէն գոյժ. Մահացած է  Բերիոյ Թեմի Ազգային Վարչութեան  Ատենապետ  ՝ Յարութիւն Քիլիսլեանը

 Հալէպի մէջ  մահացած է    Բերիոյ Թեմի  Ազգային Վարչութեան  Ատենապետ    Տիար  Յարութիւն Քիլիսլեանը։

 Այս  մասին վերահասու դարձանք  Բերիոյ  Թեմի դիմատետրի էջէն։

 

 Նշենք,  որ այդ   տխուր առթիւ   Առաջնորդարանը  հրապարակած է      մահազդ մը, որ կը ներկայացնենք  ստորեւ.

 

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնն ու Կրօնական Ժողովը սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Մարմիններու երկարամեայ վաստակաշատ անդամ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻԼԻՍԼԵԱՆԻ

անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2020-ին, Հալէպի մէջ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2020-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Ազգ. Գերեզմանատան Ս. Հռիփսիմէ մատրան մէջ:

Այս տխուր առիթով, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին խորազգաց ցաւակցութիւնները կը փոխանցէ Ազգային Իշխանութեան մարմիններուն, հանգուցեալի այրիին, դուստրին եւ հարազատներուն, աղօթելով առ բարձեալն Աստուած, որ հանգուցեալի հոգին խաղաղութեան մէջ պահէ եւ երկնքի արքայութեան արժանացնէ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

Դիւան
Ազգային Առաջնորդարանի