Կուրթան բնակող տարեց ամուսինները ծայրայեղ վատ ընկերային պայմաններու մէջ կը գտնուին անոնք օգնութեան կարիք ունին:
«Իմ ամուսինը 4 տարի հիւանդ է, ոչ կը խօսի, ոչ կը քալէ, կաթուած անցուցած է: Մէկ տղաս ինքնաշարժի վթարէն մահացած է: Նպաստ չենք ստանար, հիւանդութեան թոշակ կը ստանանք 35 հազար դրամի յոյսով ենք»,-ըսած է կինը NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ:
Ամուսինները եւս 2 որդի ունին, անոնցմէ մէկը մեկնած է ՌԴ արտագնայ աշխատանքի, միւսը գիւղն է, սակայն աշխատանք չունի:
Կինը նշած է, որ բազմիցս դիմած է նպաստ ստանալու համար, խնդրած, որ գան, տեսնեն այն ծայրայեղ պայմանները, որոնց մէջ կ'ապրին, սակայն մերժած են` ըսելով, որ իրենց չի հասնիր նպաստ:
Ընտանիքին օգնել փափաքողները անոնց հետ կրնան կապուիլ հետեւեալ հեռախօսահամարով` 093309581, Ալինա Ոսկանեան: