Երկուշաբթի՝ 3 օգոստոսին, նաւթի համաշխարհային գիները կը նուազին աճուրդներու ընթացքին, կը յայտնէ RT-ն:
WTI տեսակի նաւթի սեպտեմբերեան մուրհակները նուազած են 0,62 տոկոսով եւ կազմած 40.02 տոլար մէկ տակառի դիմաց:
Brent տեսակի նաւթի հոկտեմբերեան մուրհակները նուազած են 0,39 տոկոսով եւ կազմած 43․35 տոլար մէկ տակառի դիմաց: