image

Նախագահ Փութինն առանց աղմուկի այցելած է «Քոմունարքա»ի մասնագիտացուած հիւանդանոց

Նախագահ Փութինն առանց աղմուկի այցելած է «Քոմունարքա»ի մասնագիտացուած հիւանդանոց

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն այցելած է «Քոմունարքա»ի վարակաբանական հիւանդանոց, ուր կը բուժուին «Քորոնա» ժահրով հիւանդները, եւ զինք չեն ճանչցած: Այս մասին «Ռոսիյսքայա Կազետթա»ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ յայտնած է գլխաւոր բժիշկ Տենիս Փրոցենքոն:

«Կրնամ ըսել, թէ ինչպէս եղած է: Ես պիտի դիմաւորէի Սերկէյ Սոպեանինը: Այդ օրը առաւօտէն «Սքլիֆոսովսքի»ի  հիմնարկն էի, մենք համատեղ շրջայց պիտի կատարէինք ակադեմիկոս Սերկէյ Փեթրիքովի՝ Սկլիֆի տնօրէնին հետ: Այնտեղ մեծ թիւով ծանր հիւանդներ կուտակուած են: 

Մէկ խօսքով՝ ես ծրագրային շրջայցի էի Սկլիֆի «կարմիր գօտի»ին մէջ: Այֆոնը մօտս չէր, թողած էի օգնականիս մօտ: 

Եւ  երբ մենք դուրս կու գայինք, ինծի մեկնեցին այֆոնը եւ լարուած ըսին՝ իբր նայեցէք, թէ ով զանգած է ձեզի, Տենիս Նիքոլաեւիչ... Անծանօթ բաժանորդներու կոյտին մէջ կը տեսնեմ առողջապահութեան նախարարի եւ քաղաքապետի թիւերը:

Ես զանգեցի Սերկէյ Սեմիոնովիչին: Ան հարցրեց՝ ուր եմ, եւ պատասխանը լսելով՝ ըսաւ. «Հիմա մեքենայ կու գայ: Կ'ուզեմ ձեզի հետ խօսիլ: Հանդիպինք «Քոմունարքա»ի մէջ»:

Հիւանդանոցին մէջ տեսայ քաղաքապետը, այլ պատասխանատու ընկերներ... Ինծի ըսին. «Ի՞նչ կեցեր ես: Գնայ հիւրերը ընդունիր»: Մօտեցայ «Աուրուս»ին, եւ այստեղ ես արդէն ամէն ինչ հասկցայ:

Աւելին՝ բժիշկները եւ բուժքոյրերը, որոնք նախագահին միայն վերակենդանացման բաժամունքին եւ ընդունարանին մէջ տեսած էին, միայն երեկոյեան հեռուստալուրերէն իմացան, թէ ով էր դեղին պաշտպանական հանդերձանքով մարդը, որ անոնց ըսած էր. «Շնորհակալութիւն աշխատանքի համար, դիմացէ՛ք»,- պատմած է գլխաւոր բժիշկը:

Նշենք, որ  Մոսկուայի «Քոմունարքա» հիւանդանոցը մասնագիտացուած  հիւանդանոց է եւ այն  համավարակի օրերուն կը ծառայէ  «Քորոնա»ի վարակակաիրները բուժելու կարեւոր գործին: