Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հալէպահայ գործիչ ՝ Աբրահամ Զուպրիկեանը։
Հանգուցեալը եղած է անդամ Հնչակեան կուսակցութեան եւ վարած է ազգային հարթակի տարբեր պաշտօններ։
Վերջին տարիներուն ստանձնած էր Հալէպի Կիլիկեան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետի պաշտօնը։
Արմատներով Քեսապցի, բնաւորութեամբ հանդարտաբարոյ եւ համբերատար Աբրահամ Զուպրիկեանը վայելած է յարգանքն ու համակրանքը ամբողջ հալէպահայութեան։ Ան մասնաւորապէս Հալէպը հարուածած պատերազմի օրերուն եղած է միշտ պատնէշի վրայ եւ այդ առումով ալ եղած է գաղութի նեղ ու ծանր պայմաններու մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն։
Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած են այսօր իր ծննդավայր ՝ Քեսապի մէջ։
Նշենք, որ աւելի վաղ «Արեւելք» հարցազրոյց մ՚ունեցած է Զուպրիկեանին հետ, որ մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք աւելի ուշ։