image

Ճակատագիրը ինձ սէր եւ լոյս բերաւ. Լեւոն Արոնեանի գրառումը

Ճակատագիրը ինձ սէր եւ լոյս բերաւ. Լեւոն Արոնեանի գրառումը

Հայաստանի շախմատի հաւաքականի առաջատար Լեւոն Արոնեանը ֆեյսպուքի իր էջին կատարած գրառման միջոցով յայտնած է, որ նոր ընտրեալ ունի:  Ան նաեւ պատմած է կնոջ՝ Արիանա Քաոլիի ողբերգական մահը յաղթահարելու հետ կապուած դժուարութիւններու մասին.

«Սիրելի ընկերներ, այս տարին անտանելի բարդ տարի էր ինծի համար: Տարի, որ անհասկնալի կերպով պիտի փոխէ մեր կեանքը: Յամենայն դէպս այն արդէն իսկ փոխած է իմը: Արիանային կորսնցնելը ամենավատ բանն էր, որ ես երբեւէ զգացեր էի: Այս դժոխքի մէջէն անցնիլը ստիպեց ինծի հասկնալ ես ինծի համար ու վերլուծել կեանքս: Ես գիտեմ, որ Արին միշտ կ'ուզէր, որ ես ազնիւ ըլլամ, ճշմարիտ ըլլամ ես ինծի հետ եւ մարդոց առջեւ բաց, քանի որ ես այդպիսին եմ: Այսպիսով, այս նամակին մէջ ես կ'ուզեմ անկեղծանալ իմ կեանքին մէջ վերջերս կատարուելիքի մասին եւ խոստանալ շարունակել ըլլալ անկեղծ իմ ողջ կեանքի ընթացքին:

Հիմնական բանը, որ ես կ'ուզեմ կիսել ձեզի հետ, այն է, որ ես այժմ ունիմ մարդ իմ կեանքին մէջ, որ կը ստիպէ զիս կրկին ցանկալ ապրիլ: Ճակատագիրը ինծի սէր ու լոյս բերաւ Անիի կերպարանքով եւ ես կը զգամ, որ այսուհետ բոլոր դժբախտութիւնները անցեալ են: Անին ամենաբարի ու նուիրուած մարդոցմէ է, որ ես երբեւէ հանդիպեր եմ:

Մեր հետաքրքրութիւններն ու նպատակները կեանքի մէջ շատ նման են: Ան կը հասկնայ ինծի բոլոր լեզուներով»,- գրած  է Արոնեանը: