image

Ինքնաշարժի մեծ արկած Լոռիի մէջ. Կայ 10 վիրաւոր

Ինքնաշարժի մեծ արկած Լոռիի մէջ. Կայ 10 վիրաւոր

Այսօր՝ 13 օգոստոսին, խոշոր վթար տեղի ունեցած է Լոռիի մարզին մէջ, կը յայտնէ Shamshyan.com-ը: 

Ժամը 09։00-ի սահմաններուն Տաշիր-Գոգաւան ճանապարհի 6-րդ քմ հատուածին վրայ բախած են Տաշիր քաղաքի բնակիչ՝ 30-ամեայ Էտկար Ի-ի վարած Opel Zafira մակնիշի եւ Լոռիի մարզի Բարդաբլուր գիւղի բնակիչ՝ 32-ամեայ Վահագն Ք-ի վարած Opel Vectra մակնիշի մեքենաները:

Վթարի հետեւանքով Opel-ի վարորդ Վահագն Ք-ն, անոր ուղեւորներ՝ 48-ամեայ Լաուրա Հ-ն, 43-ամեայ Լաուրա Ս-ն, 41-ամեայ Վալենթինա Մ-ն, 19-ամեայ Ելէնա Բ-ն, 41-ամեայ Հայարփի Մ-ն եւ Opel-ի վարորդ Էտկար Ի-ն, նրա ուղեւորներ՝ 32-ամեայ Մարիամ Ս-ն, 58-ամեայ Ռիթա Ա-ն եւ 43-ամեայ Մարիամ Հ-ն մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են «Տաշիր» բժշկական կեդրոն։ Փաստի առթիւ նիւթեր կը նախապատրաստուին։