image

ԱՄՆ-ի Երեւանի դեսպանատան «յորդոր»ը. Հրաժարիլ հայկական օդանաւային ընկերութիւններէն

ԱՄՆ-ի Երեւանի դեսպանատան «յորդոր»ը. Հրաժարիլ հայկական օդանաւային ընկերութիւններէն

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնն արգիլած է իր աշխատակիցներուն ճամբորդել որեւէ հայկական օդանաւային ընկերութեամբ եւ նոյնը յորդորած է ընել ԱՄՆ քաղաքացիներուն։

Զգուշացումը տեղադրուած է դեսպանատան կայքին մէջ։

«2020 թուականի յունիսին Եւրոմիութիւնը (ԵՄ) բոլոր հայ օդանաւային ընկերութիւնները աւելացուց ԵՄ օդային անվտանգութեան «սեւ» ցուցակին մէջ` Հայաստանի մէջ հաւաստագրուած ընկերութիւններու անվտանգութեան վերահսկողութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններու հետ կապուած:

Սահմանափակումը մինչեւ 2022 թուականը կ'արգիլէ բոլոր հայկական ընկերութիւններուն թռիլ ԵՄ երկիրներ:

Հաշուի առնելով այս հանգամանքը՝ ԱՄՆ դեսպանութեան աշխատակազմին կ'արգիլուի օգտուիլ հայկական օդանաւային ընկերութիւններէն՝ պաշտօնական ուղեւորութիւններ կատարելու համար: Սա կը ներառէ ստորեւ նշուածները, բայց չի սահմանափակուիր անոնցմով ՝ Aircompany Armenia, Armenia Airways, Հայկական ուղղաթիռներ, Atlantis Armenian Airlines, Atlantis European Airways, Mars Avia եւ Skyball»,- ըսուած է դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ: