image
Հրատապ լուրեր:

«Պատճառը սթրեսն է...» Ստեփան Փարթամեան վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուած (Լուսանկար,Տեսանիւթ)

«Պատճառը սթրեսն է...» Ստեփան Փարթամեան վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուած (Լուսանկար,Տեսանիւթ)

Ամերիկահայ (արմատներով պէյրութցի) հաղորդավար Ստեփան Փարթամեան սրտի անհանգստութիւն մը անցուցած է։

Փարթամեան նշեց, որ սրտի անհանգստութիւնը ստիպած է իրեն վիրաբուժական արագ գործողութեան մը ենթարկուելու եւ ան ներկայիս հիւանդանոցին մէջ կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը։

 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:

 

«Գլխաւոր պատճառը սթրեսն է»,- «Արեւելք»ին յայտնեց Փարթամեան նշելով, որ վերջերս Երեւանէն Լոս Անճելոս փոխադրուելէն ետք յայտնուած է դժուար պայմաններու մէջ։

«Հոս բոլորս լուրջ խնդիրներու առջեւ ենք ու մտահոգ եմ նաեւ Հայաստանի իրավիճակով»,- ըսաւ հաղորդավարը, նշելով նաեւ, որ իր կազմակերպած «Առցանց- Ճինիֆէսթ» նախաձեռնութիւնը յետաձգուած է որոշ ժամանակով եւ այն պիտի կայացուի յառաջիկայ 30 օգոստոսին։

Յիշեցնենք, որ իր ելոյթներուն համար բուռն քննադատութիւններու ենթարկուող Փարթամեան կը վարէ համացանցի հարթակի «թալք-շոու» տեսակի հաղորդումներ, որոնց ընթացքին ալ հանդէս կու գայ ոչ աւանդական ու հանրութեան համար յաճախ անընդունելի տեսակէտներով։

Առողջութիւն Ստեփանին։