image

Երեւանի մէջ. Կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ

Երեւանի մէջ. Կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ

Հանրապետութան տարածքին՝

14-18 Oգոստոսի գիշերը եւ կէսօրէն ետք առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ՝ քամիի ուժգնացում՝ 15-20 մ/վ արագութեամբ, առանձին վայրերու մէջ կը սպասուի նաեւ կարկուտ:

Քամին՝ հարաւ-արեւմտեան՝ 3-8 մ/վ:

Օդի ջերմաստիճանը 13-17 օգոստոս աստիճանաբար պիտի նուազի 3-4 աստիճանով:

Երեւան քաղաքի մէջ՝

14-17 Օգոստոսի գիշերը եւ երեկոյեան ժամերուն քաղաքի առանձին հատուածներուն մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ՝ քամիի ուժգնացում՝ 15-20 մ/վ արագութեամբ: 18 Օգոստոսին կը սպասուի առանց տեղոումներու եղանակ: