image

Թշնամիի ‹‹ORBITER-3›› տիպի ԱԹՍ-ը վար առնող Հայոց Բանակի զինուորը զօրացրուած է

Թշնամիի ‹‹ORBITER-3›› տիպի ԱԹՍ-ը վար առնող Հայոց Բանակի զինուորը զօրացրուած է

23-ամեայ Վարդանն այն զինուորներէն է, որոնք նախորդ ամսուան տաւուշեան լարուած իրադրութանը զուգահեռ Արցախի մէջ ատրպէյճանական հետախուզական ‹‹ORBITER-3›› անօդաչու խոցած էին։ 18 Յուլիսին՝ զինծառայութեան աւարտէն ընդամէնը երկու օր առաջ, Վարդանն իր ջոկատի հետ ստացած էր իր ամենապատասխանատու առաջադրանքը։

«Մարտական հերթապահութիւն կը կրէինք, որմէ ետք ստացանք խնդիր, որ գտնենք հակառակորդի անօդաչու թռչող սարքը, գտանք եւ հրաման ստացանք խոցելու։ Մեր հաշուարկի պետի հետ համատեղ ուժերով կրցանք մեր ստացած խնդիրը հիանալի կատարել»,-  NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Վարդանը:

Վարդանը գործողութեան մասնակցած է որպէս ջոկատի հրամանատար։  Ճշգրտօրէն օգտագործելով իրենց գիտելիքները՝ ինքն ու ընկերները վայրկեաններու ընթացքին խոցած են հակառակորդի անօդաչուն։

«Շատ ուրախացանք։ Բոլորս իրար հետ կը գոռայինք՝ այո, դպաւ, եւ այլն եւ այլն, կարելի չէ բացատրել, այնպիսի զգացողութիւն է, որ չես կրնար մեկնաբանել։ Ի վերջոյ մարտական խնդիր կը ստանաս երկու տարուան մէջ ու փայլուն կը կատարես։ Մեր չարչարանքները ապարդիւն չեղան»,- կը պատմէ Վարդանը։

Ջոկատի անդամները այս գործուղութեան համար պարգեւատրուած են Արցախի նախագահի կողմէն։ Վարդանը «Մարտական ծառայութիւն» մետալ ստացած է։ Ան օրեր առաջ տուն վերադարձած է՝ աւարտելով պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը։ 

«Կը փորձեմ յարմարել քաղաքացիական կեանքին, բայց կը մտածեմ՝ արդեօք տղաքը ինչ կ'ընեն, ինչպէս կ'ընեն, աւելի ոգեւորուած են դէպքէն ետք, միշտ պատրաստ են թշնամիին հարուածելու»,- ըսած է ան։

Սահմանի իրավիճակին Վարդանը այսուհետեւ Կապանի իր տունէն կը հետեւի, բայց առանց զինուորի զգօնութիւնը կորսնցնելու, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային հնարաւորինս շուտ օգնութեան հասնի ծառայակից ընկերներուն։