image
Հրատապ լուրեր:

Շաքի գիւղին մէջ «Սմերչ» տիպի հրթիռ յայտնաբերուած է

Շաքի գիւղին մէջ «Սմերչ» տիպի հրթիռ յայտնաբերուած է

Շաքի գիւղի մօտակայ դաշտին մէջ զինամթերք է յայտնաբերուած է: Այդ մասիմ 14 Օգոստոսին, ժամը 17:58-ին Մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն տեղեկատւութիւն ստացուած է:

ԱԻՆ-ի լրատւութեան ծառայութենէն կը յայտնեն, որ դէպքի վայր մեկնած է ԱԻՆ ՓԾ Սիւնիքի մարզային փրկարարական վարչութեան խումբը:

Պարզուած է, որ, ըստ նախնական տուեալներու, յայտնաբերուած է սմերչ (համազարկային կրակի համալիր) տեսակի հրթիռ:

Փրկարարները սահմանազատած են տարածքը։

Ոստիկանութեան Սիսիանի բաժնի աշխատակիցներու կողմէն սահմանուած է հերթապահութիւն։