image

Տհաճ պատահար Երեւանի մէջ. Հայրենադարձ պէյրութահայը գողութեան ենթարկուած

Տհաճ  պատահար Երեւանի մէջ. Հայրենադարձ պէյրութահայը գողութեան ենթարկուած

 Տհաճ պատահար մը գրանցուած է Երեւանի մէջ. լիբանանահայ Շանթ Տիշաղճեանը գողութեան ենթարկուած է։

 

Տեղեկութիւնը տուած է «Ամերիկայի ձայն»ը, որ դէպքի մասին ալ կարճ տեսագրութիւն մը պատրաստած է։

 

 

 Տեսանիւթէն պարզ կը դառնայ, որ Լիբանանի մէջ եղած զարգացումներուն եւ մասնաւորապէս Պէյրութը ցնցած մեծ պայթումին հետեւանքով հայրենադարձ մեր հայրենակիցը օր ցերեկով գողութեան ենթարկուած է։

 Շանթ կը նշէ, որ իրենք բաւական ծանր պայմաններով է, որ Երեւան հասան, եւ իր դրամապանակին մէջ եղած 160 հազար դրամի գումարը  մեծ անհրաժեշտութիւն է այս օրերուն։

 

 Յիշեցնենք, որ Շանթ Տիշաղճեան ընտանիքի հայր է, եւ ան մեծապէս տուժած է Պէյրութի մէջ եղած պայթումէն։

 Անոր խօսքին մէջ յուսախաբութեան շեշտեր կան եւ այս փուլին մեծապէս կը կարեւորուի հայրենի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ  իրականացուելիք ճիգերը բացայայտելու համար եղած գողութիւնը եւ իրաւունքը վերադարձնելու հայրենադարձ մեր հայրենակիցին։

 Յիշեցնենք, որ տեսանիւթը վերցուցած ենք «Ամերիկայի ձայն»ի դիմատետրի էջէն։

 

 Մանրամասնները ՝ տեսանիւթով. (Տեսանիւթը կարող էք տեսնել ՝ «Արեւելք»ի     դիմատետրի  զոյգ  էջերով