Տխուր լուր ստացանք հայկական Հալէպէն։ Մահացած է հալէպահայ գրող-երգիծաբան Յակոբ Պէքարեանը (70 տարեկան)։
Հալէպի մէջ իր աչքերը փակած Պէքարեան վերջին տարիներուն ապրած է գրեթէ առանձնացած վիճակի մը մէջ, զրկուած ըլլալով մարդկային ամենատարրական պայմաններէ։
Որոշ ժամանակ մը ուսուցչութեամբ զբաղած Պէքարեան գրած ու ապրած է երգիծաբանի «դաժան» կեանքով միշտ փորձելով խանդ ու ժպիտ հաղորդել իր ընթեցողներուն։
Ան հանդէս եկած է կարճ պատմուածքներով, երգիծական կարճ նշմարներով ու տոմսեր եւ անոր գրութիւնները մասնաւորապէս լոյս տեսած են Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող ՝ «Նոր Կեանք» եւ «Դիտակ» ամսաթերթերուն մէջ։
Շնորհիւ իր սուր գրիչին Պէքարեան կարողացած է դառնալ իրաւ եւ անկեղծ երգիծաբան մը, որուն նպատակն էր երգիծանքի ճանապարհով սրբագրել հանրութեան սխալները եւ սխալ ընկալումները։
Պէքարեանի թաղման կարգը եղած է Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան մէջ ի ներկայութիւն սակաւաթիւ բարեկամներու։
«Արեւելք» տակաւին կ՚անդրադառնայ Պեքարեանի գործին եւ անոր թողած գրական ժառանգութեան։