image

Օրեր առաջ վիրաւորում ստացած Անի Աւագեան մահացած է Հալէպի մէջ

Օրեր առաջ վիրաւորում ստացած Անի Աւագեան մահացած է Հալէպի մէջ

Օրեր  առաջ  Հալէպի  մէջ վիրաւորուած  Անի Աւագեան, որ կը գտնուէր ծանր վիճակի մէջ, երէկ կնքած է իր մահկանացուն: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Նշենք, որ հանգուցեալ Անի Աւագեանի թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր, Հալէպի Ս. Աստուածածաին եկեղեցւոյ մէջ:Ինչպէս  փոխանցած էինք, Հալէպի մէջ օրեր առաջ արձանագրուած ծանր հրթիռարձակումներու հետեւանքով հալէպահայ Անի Աւագեանը գլուխէն ծանր վիրաւորում ստացած էր եւ յայտնուած է ծանր կացութեան մէջ:   Յիշեցնենք, որ անցնող օրերու ընթացքին  Հալէպը ինչպէս նաեւ քաղաքի  հայաբնակ շրջանները թատերաբեմ դարձած էին ծանր  հռթիռարձակումներու:      Արձանագրուած են մեծ թիւով զոհեր, որոնց մէջ  նաեւ  Հալէպահայ ՝ Կարօ Թաշճեանն ու երեք երեխաներ, զոհերուն մէջ կան նաեւ  երկու հայորդիներ՝ Ճորճ Թաշճեան եւ Աւետիս  Թորոսեանը: Այս պահուն հաստատ իրավիճակ կը տիրէ Հալէպի մէջ: