image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ երիտասարդ Խաչիկ Երջանեան զոհ ՝ ինքնաշարժի արկածի

Լիբանանահայ երիտասարդ Խաչիկ Երջանեան զոհ ՝ ինքնաշարժի արկածի

 Անցնող օրերուն խոր սուգը պատած է Լիբանանի Ճիպէյլ շրջանի հայկական համայնքը։

 Ճիպէյլ ծնած, երկար ատեն ապրած ու իր տարեկիցներուն հետ հայկական դաստիարկութեամբ մեծցած Խաչիկ Երջանեան զոհ գացած է ինքնաշարժի արկածի։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 Կը նշուի, որ Խաչիկ սովորականին պէս իր ինքնաշարժով զաւակները դպրոց հասցընելէ արկածի մատնուած ու մահացած է։

 

 

 Յիշեցնենք, որ համակարգչային գիտութիւններու մէջ հմտացած Խաչիկ Երջանեան վերջին տարիներուն հաստատուած էր Գերմանիա։

 Ան հայր էր երկու զաւակներու իր ստացած դաստիարակութեամբ հիմքով ալ կը պահէր իր ընտանիքը։

 

 Երկար տարիներ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արարատ» կորիզի անդամ Խաչիկ Երջանեան շրջանաւարտ եղած էր Պէյրութի «Եղիշէ Մանուկեան Ազգային վարժարան»էն։

 Ան 39 տարեկան էր։