image

Ատրպէյճան-Իրան ահմանին կրակոց. Կայ 1 զոհ

Ատրպէյճան-Իրան ահմանին կրակոց. Կայ 1 զոհ

Ատրպէյճանա-իրանական սահմանին տեղի ունեցած է հերթական հրաձգութիւնը, սպանուած կայ:

Վկայակոչելով Պետական սահմանապահ ծառայութիւնը, ԱՊԱ-ն կը յայտնէ, որ սահմանապահները նկատած են երկու սահմանախախտներ։ Երբ սահմանախախտները կանգնելու հրամանին չեն ենթարկուած,  սահմանապահները կրակած են անոնց վրայ, որուն հետեւանքով մաքսանենգներէն մէկը սպանուած է, միւսը կրցած է թաքնուիլ։ Տեղազննման ժամանակ յայտնաբերուած է երկու պայուսակներով մօտ 15 քկ թմրանիւթ եւ հրացան մը։

Ձեռնարկուած միջոցառումներու շնորհիւ ձերբակալուած է Պեյլականի շրջանի բնակիչ Մամետով Ատիշ Ճաւատօղլուն (1975-ի ծնունդ), որուն մօտ յայտնաբերուած է եւ առգրաւուած է ոգելից խմիչք 10 շիշ։

Ա․ Մամետովը պէտք է հանդիպէր մաքսանենգներուն, որ անոնցմէ վերցնէր թմրանիւթը։

Միջադէպի մասին տեղեկացուած է իրանական սահմանապահ ներկայացուցչութեան։