image

«Անկախութիւնը Աստուածատուր արժէք է եւ իրաւունք է»Մեծի Տանն Կիլիիկոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի շնորհաւորանքը

«Անկախութիւնը Աստուածատուր արժէք է եւ իրաւունք է»Մեծի Տանն Կիլիիկոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ   Ա. Կաթողիկոսի շնորհաւորանքը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ  Ա. Կաթողիկոս  Հայաստանի  հանրապետութեան անկախութեան 29-րդ տարեդարձին առթիւ շնորհաւորանք  յղած է  ՀՀ Վարչապետ  Նիկոլ Փաշինեանին եւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին։

 «Արեւելք»   այս մասին տեղեկացաւ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ  Ա. Կաթողիկոսի դիմատետրի  էջէն։

 Նորին Սրբութիւնը  նոյնպէս  դիմատետրի  իր պաշտօնական էջին մէջ հետեւեալ գրառումը կատարեց.- «Անկախութիւնը Աստուածատուր արժէք է եւ իրաւունք: Անհատի մը կամ ազգի մը անկախութեան իրաւունքը խլել մեղանչում է Աստուծոյ դէմ: Քրիստոս իր արիւնով ազատագրեց մարդը մեղքի ու չարի տիրապետութենէն: Անկախութիւնը որպէս երկնային պարգեւ հարկ է պահել անվթար ու անեղծ: Հայաստանի անկախութեան 29-րդ տարեդարձին նշումը իւրաքանչիւր հայու յիշեցում մըն է ու միաժամանակ հրաւէր հայրենիքի անկախութիւնը աւելի ամրապնդելու եւ գործնապէս մասնակից դառնալու Հայաստանի առաւել հզօրացման աշխատանքներուն»: