image

Հալէպի մէջ. Ականազերծուած հատուածները հայկական խումբը յանձնեց Սուրիոյ ապահովական մարմիններուն

Հալէպի մէջ. Ականազերծուած հատուածները հայկական խումբը յանձնեց Սուրիոյ ապահովական մարմիններուն

21 Սեպտեմբերին Հալէպի մէջ կայացած է Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան կողմէ ականազերծուած տարածքներու պաշտօնական յանձնումը Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Հալէպի նահանգի իշխանութիւններուն: Այս մասին կը յայտնէ Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն ՊՈԱԿ-ը։

Հալէպի իշխանութիւններուն յանձնուած ականազերծման հաւաստագրերով փաստուեցաւ, որ Բենիամին բնակավայրի 96 485քմ վտանգաւոր տարածքը ականազերծուած է եւ՝ անվտանգ հետագայ նպատակային օգտագործման համար:

Արարողութեան ներկայ էին Հալէպի փոխնահանգապետարանի գործադիր անդամ դոկտոր Մուհամետ Քումիթ Ասի Ալ-Շէյխը, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանը, Հալէպի մէջ տեղակայուած ռուսական հակամարտող կողմերու հաշտեցման կեդրոնի ղեկավարութիւնը, Հալէպ նահանգի իշխանութեան ներկայացուցիչներ, հայոց թեմի հոգեւոր առաջնորդներ, մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ներկայացուցիչներ, այլ պաշտօնատար անձինք:

Այսպիսով, «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»-ի մասնագէտներն իրենց առաքելութեան առաջին օրէն ականազերծած եւ սուրիական իշխանութիւներուն յանձնած են 280 հազար քառակուսի մեթր տարածք, իսկ բժշկական խումբի կողմէ բուժօգնութիւն ցուցաբերուած է 17 հազարէն աւելի տեղաբնակներու։

Սուրիական կողմը իր խորին երախտագիտութիւնն յայտնած է եղբայրական ժողովուրդին՝ կեանքեր փրկելու եւ անմնացորդ աջակցութեան համար ու նշած, որ օրը պատմական է եւ այն անգամ մը եւս կ'ամրագրէ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը։