image

Իրան-Իրաք պատերազմին զոհուած նահատակ Հրաչ Յակոբեանի մասունքները Սպահան վերադարձուեցան

Իրան-Իրաք պատերազմին զոհուած նահատակ Հրաչ Յակոբեանի մասունքները Սպահան վերադարձուեցան

Իրան-Իրաք պատերազմի ընթացքին զոհուած իրանեան բանակի զինուոր, նահատակ ՝ Հրաչ Յակոբեանի մասունքները  վերադարձուած են իր ծնողներուն։

 

Այս մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ Թեհրանի մեր պաշտօնակից ՝ «Ալիք»էն։

 Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ նահատակ Հրաչ Յակոբեան մինչեւ վերջերս կը համարուէր պատերազմի անյայտ-կորսուածներու ցուցակը, երկար տարիներով անոր աճիւնները կը գտնուէին Զահեդանի Ազատ համալսարանի շրջափակին մէջ ՝ անյայտ նահատակներու յիշատակին կառուցուած շիրիմին մէջ։

 

 Կը նշուի նաեւ , որ Իրանեան բանակի պատասխանատուներ օրերս այցելած են նահատակի ընտանիքին եւ պատմած են անոր  նահատակութեան եւ մասնակցած վերջին գործողութեան հանգամանքներուն մասին։

Հանդիպմանը ներկայ եղած են Սպահանի թեմի առաջնորդ Տ. Սիփան եպս. Քէչէճեանը եւ Թեմական խորհրդի փոխատենապետ՝ Վահէ Թորոսեանը:

 

 Կը նշուի նաեւ, որ նահատակ Հրաչ Յակոբեանը քաջաբար զոհուած է 1987 թւականի ապրիլի 9-ին, «Քարբալա 9» գործողութեան ընթացքին, որն իրականացուած էր Գասրէ Շիրին շրջանէն հիւսիս-արեւելք գտնուող Պապա Հատի շրջանը ազատագրելու նպատակով: