image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան. 108-ամեայ մեր հայրենակից՝ Թադէոս Թօփալեան յատուկ պատիւի արժանացաւ

Լիբանան. 108-ամեայ մեր հայրենակից՝ Թադէոս Թօփալեան յատուկ պատիւի արժանացաւ

Լիբանանի լրագրողներու սենտիքային նախաձեռնութեամբ մեր հայրենակից՝ Թադէոս Թօփալեան յատուկ պատիւի արժանացած է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ պէյրութեան աղբիւրէ մը։

 

Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Լիբանանի լրագրողներու Սենտիքայի նախագահ՝ Ժոզէֆ Քըսայֆէ օրերս այցելութիւն տուած է ծովեզերեայ Ժիպէյլ քաղաքին մէջ գտնուող Թօփալեաններու բնակարանը եւ մեր հայրենակիցին 108-րդ տարեդարձին առթիւ յիշատակի վահանակ մը նուիրած է, մաղթելով անոր արեւշատութիւն եւ երկարակեցութիւն։

Քըսայֆէ կարճ խօսք մը արտասանելով ըսած է, որ Թօփալեան եղած է գաղթականի զաւակ եւ ան իր ողջ կեանքի ընթացքով սատարած է իր սիրած երկրի՝ Լիբանանի զարգացման եւ բարգաւաճման։

Յիշեցնենք, որ Թադէոս Թօփալեան հայրն է լիբանանեան (արաբատառ) տարբեր թերթերու աշխատակից հայազգի լրագրող՝ Յակոբ Թօփալեանին։