Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինը հրամանագիր ստորագրած է 20 բժիշկներ պարգեւատրելու մասին, «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ մեծ ներդրում ունենալու եւ մասնագիտական պարտքը կատարելու ատեն ցուցաբերած անձնուրացութեան համար: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Rusarminfo-էն:
Ինչպէս հաղորդած է Rusarminfo-ն, ՌԴ-ի նախագահի հրամանագրով Ալեքսանտր Նեւսքիի շքանշանով պարգեւատրուած է Մոսկուայի պետական համալսարանի (ՄՊՀ) Բժշկական գիտակրթական կեդրոնի տնօրէն, միզաբան, ՌԴ Գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր՝ Արամայիս Քամալովը:
Պարգեւատրման արժանացած մասնագէտներու ցանկին մէջ ընդգրկուած են նաեւ ՄՊՀ-ի բուժկեդրոնի այլ աշխատակիցներ՝ Դաւիթ Ասատրեանը, որ արժանացած է Փրոկովի շքանշանին, եւ Ժաննա Յակոբեանը, որուն շնորհուած է Ռուսաստանի առողջապահութեան համակարգի վաստակաւոր աշխատակիցի պատուաւոր կոչումը: