image

Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարին հետ

Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարին հետ

Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն այսօր հեռախօսազրոյց ունեցած է ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Ճեյհուն Պայրամովի հետ:

«Նախարարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի դրութեան կտրուկ սրումը: Լաւրովը լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է շփման գիծի վրայ լարուածութեան շարունակական սրման առթիւ, որ յանգեցուցած է մարդկային կորուստներու, այդ շարքին՝ խաղաղ բնակչութեան շրջանին»,- ըսուած է ՌԴ ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ: Ռուսական կողմը ընդգծած է կրակի շուտափոյթ դադարեցման անհրաժեշտութիւնը:

Նշուած է նաեւ, որ Ռուսաստանը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միւս համանախագահներուն հետ միասին պիտի շարունակէ միջնորդական ջանքեր գործադրել՝ ուղղուած իրավիճակի կայունացման: