image

Վարդենիսի մէջ ունինք քաղաքացիական մէկ զոհ. ՀՀ ԱԳՆ

Վարդենիսի  մէջ ունինք քաղաքացիական մէկ զոհ. ՀՀ ԱԳՆ

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հարուածներ հասցուցած են Վարդենիսի շրջանի զինուորական եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն ուղղութեամբ՝ թիրախ դարձնելով քաղաքացիական բնակչութիւնը, որուն հետեւանքով սպաննուած է քաղաքացիական անձ մը: Այս մասին յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան:

«ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այսօր առաւօտեան տարածած էր յայտարարութիւն, ուր մատնանշած էր, որ Ատրպէյճանը ապատեղեկատւութիւն կը տարածէ՝ հող նախապատրաստելով Հայաստանի Հանրապետութեան Վարդենիսի շրջանի ուղղութեամբ մարտական գործողութիւններ ձեռնարկելու համար:

Հաշուած վայրկեաններ անց, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հարուածներ հասցուցած են Վարդենիսի շրջանի զինուորական եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու ուղղութեամբ՝ թիրախ դարձնելով քաղաքացիական բնակչութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք սպաննուած է քաղաքացիական անձ մը:

Արհամարհելով ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ միջազգային հանրութեան շարունակական կոչերը՝ Ատրպէյճանը Թուրքիոյ աշխոյժ քաջալերմամբ եւ ռազմաքաղաքական աջակցութեամբ, կ՝ընդլայնէ ռազմական գործողութիւններու գօտին՝ անոր մէջ առնելով նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը:

Տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը վտանգելու Ատրպէյճանի հետեւողական փորձերուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան կողմէ պիտի տրուի համարժէք ռազմաքաղաքական պատասխան»,- նշած է Նաղդալեան: