image

Մարտերը կը շարունակուին.Թշնամին ունի նշանակալի կորուստներ

Մարտերը կը շարունակուին.Թշնամին ունի նշանակալի կորուստներ

Արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծի ամբողջ երկարութեամբ, 29 Սեպտեմբերին կը շարունակեն ընթանալ մարտական գործողութիւններ: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը.

«Ատրպէյճանական կողմը կը ձեռնարկէ յարձակման փորձեր՝ կիրառելով հրետանի, ԱԹՍ-ներ եւ զրահահրասայլային ուժեր: ՊԲ ստորաբաժանումները յաջողութեամբ կը կասեցնեն հակառակորդի գրոհները՝ անոր պատճառելով կենդանի ուժի եւ զրահամեքենայի նշանակալի կորուստներ: Ըստ ամբողջացուող տուեալներու, հայ մարտիկներու գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք, հակառակորդը կորսնցուցած է 11 ԱԹՍ, ինչպէս նաեւ՝ հարուածային, 1 ճարտարագիտական զրահամեքենայ, 4 զրահափոխադրիչ 82Ա, 5 հրասայլ: Հակառակորդը ունի նաեւ կենդանի ուժի մեծաթիւ կորուստներ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: