image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը խեղաթիւրեն. Կարօ Փայլան

Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը խեղաթիւրեն. Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ ընդդիմադիր, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Facebook-ի իր էջով անդրադարձած է արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ ծաւալող լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն։ Ան Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մեղադրած է տեղեկութիւններու իսկութիւնը խեղաթիւրելու համար:

«Կը պնդեն, որ Ղարաբաղի մէջ հայերը յարձակած են ատրպէյճանցիներու վրայ: Որքան Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան յարձակումն է հաւանական Կիպրոսի յոյներուն վրայ, այնքան ալ հայերունը՝ ատրպէյճանցիներու վրայ Ղարաբաղի մէջ: Այդ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան են, որ կը փորձեն փոխել Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Պատերազմի մէջ առաջին հերթին ճշմարտութիւնը կը մահանայ»,- գրած է Փայլան: