image
Հրատապ լուրեր:

Եթէ բնակչութիւնը իմանայ մեր կորուստներուն մասին, կառավարութիւնը կը կործանի․ զոհուած ատրպէյճանցի օդաչուի կնոջ յայտարարութիւնը

Եթէ բնակչութիւնը իմանայ մեր կորուստներուն մասին, կառավարութիւնը կը կործանի․ զոհուած ատրպէյճանցի օդաչուի կնոջ յայտարարութիւնը

Ատրպէյճանական 7news.az կայքի հրապարակած տեղեկատուութեան համաձայն՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան ընթացքին զոհուած ատրպէյճանցի զինուորներէն մէկու կինը յայտարարութիւն կարեւոր յայտարարութեամբ  հանդէս եկած է նշումներ ընելով  հակառակորդի բանակին կրած  վնասներուն  մասին։ Ան մասնաւորապէս ըսած է,  թէ.- «Ես Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերու զոհուած օդաչուի կինն եմ՝ Վալիեւա Սապինա Չինկիզ քյզի եւ կը դիմեմ Ատրպէյճանի բոլոր քաղաքացիներուն եւ այլ երկիրներու կառավարութիւններուն: 2020-ի 3 հոկտեմբերին Ղարաբաղի մէջ զոհուեցաւ ամուսինս՝ AR Air Force- ի օդաչու՝ Վալիեւ Սապիրը, ան սպանուեցաւ, եւ իր մարմինը դեռ չէ յայտնաբերուած: Մենք ունինք երկու երեխայ: Ես իր ռազմական գործընկերոջէն (չեմ կրնար անունը նշել) տեղեկացայ այդ մասին: Ես հարցուցի, թե ինչու Սապիրը (օդանաւէն ինքզինք դուրս նետել) չէ կրցած, ան ըսաւ, որ իրենք չեն կրնար այդ ընել, որպէսզի չբռնուին, քանի որ իրենց հետ կը թռչին նաեւ թուրք օդաչուներ, որոնցմէ երկուքը արդէն մահացած են: Եւ եթէ որեւէ մէկը գերի իյնայ, Ատրպէյճանը մեծ խնդիրներ կ'ունենայ, իրենց տոմսերը «միակողմանի» են։ Ինծի չի հետաքրքրեր, թէ ինչ խնդիրներ կ'ունենայ Ատրպէյճանը: Ամուսնոյս ռազմական գործընկերը նաեւ ըսաւ, որ իրենց զինուորներու վիճակը ա՛լ աւելի վատ է։Զանոնք յարձակման կ'ուղարկեն առանց զրահամեքենաներու, ինչպէս թնդանօթի միս: Հազարաւոր դիակներ կը մնան մարտի դաշտին վրայ եւ կը նեխին, եւ այդ դէմ է մեր իսլամական սովորոյթներուն, եւ մեր Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոյնիսկ չի ցանկար վերցնել դիերը: Մէկ այլ զինուորական ինծի ըսաւ, որ մեր տղամարդիկ Մերձաւոր Արեւելքէն ժամանած ահաբեկիչներու աղբակոյտին հետ պատերազմի կը նետուին։ Անոնք իրական յանցագործներ են, եւ որեւէ մէկը չ'անհանգստանար մեր զինուորներուն համար։ Հարիւրաւոր զինուորներ կը զոհուին այդ մարտերուն, բայց հրամանատարները կը վախնան ճշմարտութիւնը ըսելու մեր նախագահին: Անոնք աւելի ու աւելի շատ զինուորներ կ'ուղարկեն մարտադաշտ, որպէսզի չպատժուին։ Զինուորականները կը պատմեն, որ եթէ բնակչութիւնը իմանայ մեր կորուստներու մասին, կառավարութիւնը կը կործանի: Ես մեր զոհուած շահիտներու բազմաթիւ լուսանկարները կը տեսնեմ, բայց իշխանութիւններուն համար անոնք պարզապէս թնդանօթի միս են: Ես կը դիմեմ իմ ազգին, կառավարութեան, աշխարհի մարդոց, տարբեր երկիրներու կառավարութիւններուն, կը խնդրեմ դադրեցնել պատերազմը եւ պատժել մեր կառավարութիւնը, շահիտներու եւ մարդոց նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքին համար: Նախագա՛հ Ալիեւ, դադրեցուցէ՛ք, մի սպանէք մեր երեխաները, ձեր հրամանատարները կը ստեն, անոնք ձեզմէ կը թաքցնեն մեր կորուստները եւ անմարդկային վերաբերմունք  ցոյց կու տան մեր  զինուորներուն հանդէպ: Մեր երկրէն դու՛րս հանեցէք Մերձաւոր Արեւելքի ահաբեկիչները: Թո՛ղ Էրտողանը տունը թափէ իր զինուորներուն արիւնը՝ իր սեփական շահերուն համար: Ես գիտեմ, որ երբ իմանան, որ ես դիմած եմ համաշխարհային հանրութեան, անոնք կը սկսին հետապնդել զիս եւ կը ստիպեն հերքել իմ խօսքերը: Բայց ես կը փորձեմ յամառ ըլլալ: Բոլորիդ կ'աղաչեմ, որ բարձրացնէք ձեր ձայնը»,- ըսած է զոհուած ատրպէյճանցի զինուորին կինը։

 

Նիւթի աղբիւրը` YN.am