Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ծանր մարտեր կը մղեն հարաւային ուղղութեամբ` Իշխանաձորի հատուածին: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը:
«Պաշտպանութեան բանակը այդ հատուածին այսօր շատ ծանր մարտեր կը մղէ ատրպէյճանական զինուժի դէմ»,- ըսած է Պօղոսեանը:
Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակը նշած է, որ Արցախի հիւսիսային հատուածին մէջ հակառակորդը մէկ սանթիմեթր առաջ չէ կրցած շարժիլ, հակառակը Ատրպէյճանի ԶՈՒ-ին հասցուած է կենդանի ուժի եւ ռազմական սարքերու բաւականին մեծ կորուստներ:
«Իրականութեան մէջ մենք վճռական ժամանակահատուած կ'ապրինք, եւ իմ կոչն ու յորդորն է մեր ժողովուրդին` միասնաբար յաղթահարենք այս կարեւոր փորձութիւնը։ Այսօր մեզի առաջին հերթին պէտք է բոլորի մասնակցութիւնն ու պատասխանատւութեան զգացումը»,- եզրափակած է Պօղոսեանը: