Հակառակորդը, հարաւային ուղղութեամբ՝ Խուտաֆերինի ջրամբար, մեծ կորուստներ կրելով, կը նահանջէ:
Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը եւ աւելցուցած. «Զգուշացուցած էինք՝ դժոխք մուտք կը գործէք:
ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանն ալ գրած է. «...Այն, որ գրած էի վաղը, այսօր եղաւ։ Ու մտածեցէք, թէ ինչ պիտի ըսէք հիմա յարձակող Հայոց բանակի զինուորին ու հրամանատարին»,- ապա աւելցուցած. «Ալիեւ, բարի գալուստ դժոխք։ Հետդ եղող բազմագոյն ու բազմաերանգ ահաբեկիչներուն ալ փոխանցէ...»:
Խուտաֆերինի կամ Խոտա Աֆարինի ջրամբարն արհեստական լիճ է Արաքս գետի վրայ՝ Իրանի եւ Արցախի սահմանին: