image
Հրատապ լուրեր:

Միջազգային հանրութեան այլ ընտրութիւն չի մնար, քան ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը. ԱՄՆ ծերակուտական

Միջազգային հանրութեան այլ ընտրութիւն չի մնար, քան ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը. ԱՄՆ ծերակուտական

ԱՄՆ-ի ծերակուտական Էտ Մարքին կրկին անդրադարձած է Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին ու հակամարտութեան սրման:

«Եթէ Ատրպէյճանը շարունակէ հակամարտութիւնը լուծելու համար անօրինական ռազմական ուժ կիրառելու փորձերը, միջազգային հանրութեան այլ տարբերակ չի մնար, քան Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալը»,- նշած է ան:

«Թուիթըրի» իր էջին Մարքին դիմած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյին՝ յորդորելով ջանքեր գործադրելու՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կրակի անյապաղ դադարեցման հասնելու եւ խնդրի կարգաւորման բանակցութիւններու միջոցով հասնելու համար: