image
Հրատապ լուրեր:

Փութինը յայտարարած է, որ Ղարաբաղի մէջ երկու կողմէն գրեթէ 5000 մարդ զոհուած է

Փութինը յայտարարած է, որ Ղարաբաղի մէջ երկու կողմէն գրեթէ 5000 մարդ զոհուած է

Արցախի մէջ ընթացող մարտական գործողութիւններուն անդրադարձած է Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինը։ Ան նշած է, որ թէ՛ ատրպէյճանական եւ թէ՛ հայկական կողմերէն մեծաթիւ զոհեր կան:

«Մեր տուեալներով իւրաքանչիւր կողմէ 2 հազարէն աւելի զոհ կայ, զոհերու ընդհանուր թիւը կը մօտենայ 5 հազարին։ Աֆղանիստանի պատերազմի 10 տարիներու ընթացքին, խորհրդային բանակէն զոհուած է 13 հազար մարդ, իսկ այստեղ այս կարճ ժամանակամիջոցին՝ մօտ 5 հազար», - ըսած է Փութինը։

Խօսելով «Վալտայ» քննարկումներու ակումբի ուղիղ եթերով՝ Փութինը նաեւ նշած է, որ շատ կը ցանկայ որեւէ  փոխզիջում գտնել, եւ որ ամէն օր քանի մը անգամ կը խօսի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ: Ռուսաստանի նախագահը նաեւ յոյս յայտնած է, որ ԱՄՆ-ը կ'աջակցի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով։

Փութինը նաեւ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի շուրջ իրենց մօտեցումները Թուրքիոյ հետ չեն համընկնիր։ Ռուսաստանի նախագահը նաեւ ընդգծած է, եթէ 30 տարուայ բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ յաջողութիւն չեն արձանագրած, այդ չի նշանակեր, որ պէտք է սկսիլ կրակել։ Փութինը նաեւ նշած է, որ նախապէս, ղարաբաղեան հակամարտութիւնը մեկնարկուած է հայ ժողովուրդի դէմ տեղի ունեցած դաժան յանցագործութիւններով։

«Փաստ է, որ նախ Սումկայիթի, ապա Ղարաբաղի հայերուն դէմ դաժան յանցագործութիւններ տեղի ունեցած են», - ըսած է նախագահը։