image

Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ

Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ

Հայ եւ օտար աւելի քան վաթսուն յայտնի ցեղասպանագէտներ, Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան (International Association of Genocide Scholars) անդամները՝ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ սանձազերծած պատերազմին մէջ ցեղասպանութեան վտանգ կը տեսնեն: Այս մասին նշուած է անոնց տարածած յայտարարութեան մէջ:

Իրենց յայտարարութեամբ ցեղասպանագէտները դատապարտած են Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած պատերազմը եւ ցեղասպանութիւնը բացառելու միջոց համարած են Արցախի հանրապետութեան ճանաչումը:

Անոնք պահանջած են միջազգային հանրութենէն ձեռնարկելու ուղղակի եւ լուրջ ջանքեր անմիջապէս կանգնեցնելու ատրպէյճանական յարձակումը, ինչպէս նաեւ հակահայկական պետական քարոզչութիւնը եւ ատելութիւնը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ: Ցեղասպանագէտները կոչ ըրած են բարձրացնելու իրենց ձայնը այլատեացութեան, յարձակման, պատերազմի դէմ եւ յանուն նոր ցեղասպանութեան կանխարգելման:

Ցեղասպանագէտները նշած են, որ պատերազմի ընթացքին երկու անգամ թիրախաւորուած է Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութեան հետեւանքն է, որ այդ երկիրը կ՝իրականացնէ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին՝ պարբերաբար ոչնչացնելով հայկական մշակոյթի կոթողները, ինչպէս՝ Ճուլֆայի մէջ հայկական խաչքարերը: