image

Ատրպէյճանը ԼՂ-ի մէջ ողկուզային զինատեսակներ կ՚օգտագործէ. Human Rights Watch

Ատրպէյճանը ԼՂ-ի մէջ ողկուզային զինատեսակներ կ՚օգտագործէ. Human Rights Watch

Միջազգային իրաւապաշտպան Human Rights Watch կազմակերպութիւնը յստակ ընդգծած է, որ Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ քաղաքացիական բնակավայրերու դէմ կը կիրառէ արգիլուած ողկուզային զինատեսակներ: Այս մասին գրուած է կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ:

2020 թուականի հոկտեմբերի ընթացքին HRW-ի փորձագէտները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վաւերագրած են ողկուզային զինատեսակներու օգտագործման 4 դէպք: Աւելին՝ կազմակերպութեան սպառազինութիւններու հետ կապուած հարցերով պատասխանատու Ստեֆան Կուսը յայտնած է, որ ողկուզային զինատեսակներու շարունակական օգտագործումը, յատկապէս բնակավայրերուն մէջ, ցոյց կու տայ քաղաքացիական բնակչութեան անվտանգութեան հարցերու անտեսումը: HRW-ի կայքին մէջ մանրամասն ներկայացուած են Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտման դէպքերը: Եզրակացութիւններն եղած են դէպքերու սեփական հետաքննութիւններու եւ դէպքերէն տուժած բնակիչներու հետ հարցազրոյցներու հիման վրայ: