image

Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը Պէյրութի ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ բողոքի ցոյց կատարեց

Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը Պէյրութի ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ բողոքի ցոյց  կատարեց

Լիբանանի հայկական աւանդական  կուսակցութեանց՝  ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի երիտասարդական-ուսանողական միաւորները այսօր Լիբանանի ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ բողոքի ցոյց կազմակերպած են, միջազգային հանրութենէն պահանջելով որոշել Արցախի կարգավիճակը եւ դադրեցնել թուրք-ատրպէյճանական յարձակումը Արցախի խաղաղ բնակչութեան, ենթակառուցուածքներուն եւ հիւանդանոցներուն վրայ:

Ցուցարարները նաեւ պահանջած են դադրեցնել Թուրքիոյ կողմէ զէնքի մատակարարումը Ատրպէյճանին:

Այս մասին կը հաղորդէ regionmonitor.com։