Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է տիկին Սոնա Քէպապճեան-Քարատանայեանը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Ան ծնած էր Հալէպ (1945), իր մանկութիւնն անցուցած՝ Գամիշլիի մէջ, ժամանակ մը ապրած էր Պէյրութ, ապա ընտանեկան բոյն կազմելէ ետք երկար ժամանակով ապրած է Հալէպ, մինչեւ Հայաստան հաստատուիլը։
Հարազատներու եւ բարեկամներու լայն շրջանակներուն մէջ սիրուած եւ յարգուած Տիկին Սոնան, նուիրեալ հայ մօր իրական կերպարով ազգային գիտակցութեան դաստիարակութեամբ խնամած ու հասցուցած է իր երկու զաւակները։
Յիշեցնենք, որ հանգուցեալը մայրն էր «Արեւելք»ի բարեկամներէն՝ ազգային գործիչ, ՌԱԿ անդամ Տիար Ալեքսան Քարատանայեանին, որուն այս առթիւ ալ կը յղենք մեր սրտազգաց ցաւակցութիւնները։