image

Պէտք է ուշադիր ըլլալ, Ատրպէյճանցիք կը գրոհեն հայ օգտատէրերու հաշիւներու ուղղութեամբ

Պէտք է ուշադիր ըլլալ, Ատրպէյճանցիք կը գրոհեն հայ օգտատէրերու հաշիւներու ուղղութեամբ

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը (ՄԻՊ) ձեռք  բերած է առարկայական բնոյթի ապացոյցներ այն մասին, որ ատրպէյճանցիք ապօրինաբար կը տիրանան ընկերային ցանցերու հայկական օգտատէրերու հաշիւներու գաղտնաբառերուն ու կը սկսին կառավարել այդ էջերը: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ՄԻՊ Արման Թաթոյեան։

«Ապացոյցները կը վկայեն, որ ընկերային ցանցերու այդ էջերը կամ օգտատէրերու հաշիւները կ'աշխուժանան ատրպէյճանական IP (Internet Protocol) տիրոյթէն: Այս պահու մեր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ խօսքը գերեվարուած կամ այլ կերպով Ատրպէյճանի մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներու մասին է:

Հայկական օգտատէրերու հաշիւներու նշուած էջէրէն կը տարածուի ատելութիւն: Կը տարածուին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հասարակական ու քաղաքական ներքին թշնամանք հրահրող, հասարակութեան մէջ լարուածութիւն, խուճապ ու տագնապ առաջացնող նիւթեր:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ուսումնասիրութիւնը վեր հանած է դէպքեր, երբ այդ նիւթերը կ'արժանանան հայկական օգտատէրերու հաշիւներու արձագանգին՝ ակնյայտօրէն չիմանալով, որ էջը կը կառավարուի Ատրպէյճանէն:

Ուստի, պէտք է ցուցաբերել բացառիկ զգուշութիւն ընկերային ցանցերով տարածուող նիւթերէն օգտուելու կամ զանոնք տարածելու պարագային:

Այս պահուն կը հրապարակեմ ընդամէնը քանի մը ապացոյց: Այս եւ միւս բոլոր նիւթերը փաստագրուած են Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի կողմէն՝ միջազգային մարմիններուն ըստ իրաւասութեան ուղարկելու նպատակով»,- գրած է ՀՀ ՄԻՊ-ը: