image

«Պատժեցէք Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը» Արցախցիք բողոքի ցոյց կատարեցին ԵՄ-ի գրասենակին դիմաց

«Պատժեցէք Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը» Արցախցիք  բողոքի ցոյց կատարեցին ԵՄ-ի գրասենակին դիմաց

Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան գրասենեակին առջեւ բողոքի ցոյց կատարեցին արցախցի կանայք ու երեխաները:

«Ձեզմէ պատասխան կը պահանջենք, պարտժեցէ՛ք Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան, դատապարտեցէ՛ք անոնց կողմէ իրականացուող ահաբեկչութիւնը»,-ըսին արցախցիները:

«Ինչո՞ւ չի պահպանուիր հրադադարը, ինչո՞ւ գործնական քայլեր չէք կատարեր: Ու՞ր են եւրոպական արժէքները, երբ մեզ կը խոշտանգեն, երբ խաղաղ բնակիչները կը հրթիռակոծեն, Եւրոպակա՛ն միութիւն, դուք յանցաւոր էք ձեր չէզոքութեամբ, ինչու՞ կը լռէք, երբ Արցախի դէմ հազարաւոր ահաբեկիչներ կը յարձակին»,-նշեցին բողոքին մասնակիցները:

Արցախցիները պահանջենցին նաեւ, որ ԵՄ-ի պատուիրակութեան գրասենեակէն ներկայացուցիչներ դուրս ելլեն, իրենց հետ հանդիպելու, լսեն իրենց եւ վերցնեն նամակը:

Աւելի ուշ ԵՄ-ի պատուիրակութեան գրասենեակէն անվտանգութեան աշխատակիցները բջջային հեռախօս փոխանցեցին բողոքի մասնակիցներուն: Հեռախօսազրոյցէն պարզուեցաւ, որ գրասենեակէն ներս բացի անվտանգութեան աշխատակիցներէն, որեւէ այլ աշխատակից չկայ եւ, որ երեք հոգիով կրնան վաղը գալ եւ փոխանցել նամակը: