image

Երէկ հակառակորդը յաջողեցաւ գրաւել Կուբաթլուն․ Արծրուն Յովհաննիսեան (Տեսանիւթ)

Երէկ հակառակորդը յաջողեցաւ գրաւել Կուբաթլուն․ Արծրուն Յովհաննիսեան (Տեսանիւթ)

«Երէկ հակառակորդը յաջողած է գրաւել Կուբաթլուն»,- Հայկական միասնական կեդրոնէն յայտնած է ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը։

Ան յայտնած է, որ վաղը պիտի ներկայացուին քարտէզները։

«Հակառակորդը որոշ տեղերու մէջ ունեցած է յաջողութիւն, անոնք մօտեցած են Սիւնիքի դարպասներուն, բայց վիճակը անելանելի չէ»,-նշած է Արծրուն Յովհաննիսեանը եւ աւելցուցած, որ կը հաւատայ հայ զինուորի բազուկին ու խելքին։

«Մենք պիտի յաղթենք, որովհետեւ այլընտրանք չունինք»,-աւելցուցած է ՊՆ ներկայացուցիչը։