image

Հայկական կողմին փոխանցուած է ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած 29 հայ զինծառայողներու մարմինները

Հայկական կողմին փոխանցուած է ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած 29 հայ զինծառայողներու մարմինները

Ատրպէյճանը Ռուսաստանի Դաշնութեան բացառիկ միջնորդական ջանքերու շնորհիւ, ԿԽՄԿ-ի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային խումբի մասնակցութեամբ հայկական կողմին փոխանցած է ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած 29 հայ զինծառայողների մարմինները: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը՝ նշելով, որ միաժամանակ, ԿԽՄԿ-ի ջանքերով Հայաստան վերադարձուած է մէկ քաղաքացիական անձ:

«Իր հերթին հայկական կողմը, հաւատարիմ մնալով մարդասիրական հրադադարի շրջածիրէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, կրկին պատրաստակամութիւն կը յայտնէ ատրպէյճանական կողմին յանձնել Արցախի տարածքին գտնուող ատրպէյճանցի զինծառայողներու մարմինները, մեկնարկել արցախա-ատրպէյճնական ռազմաճակատի ողջ երկայնքով ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով միջդիրքային հատուածէն աճիւններու դուրսբերման, ինչպէս նաեւ ռազմագերիներու վերաբերեալ տեղեկատւութեան փոխանցման եւ հետագային վերջիններուս փոխանակման գործընթացը»,- գրած է Ստեփանեանը: