image

Դադիվանքի հարցը լուծուած է Ամենայն Հայոցի միջամտութեամբ.«Իրատես»

Դադիվանքի հարցը լուծուած է Ամենայն Հայոցի  միջամտութեամբ.«Իրատես»

Դա­դի­վան­քի վա­նա­կան հա­մա­լիրը ադրտրպէյճան­ցի­նե­րուն պիտի չանցնի Ա­մե­նայն հա­յոց կա­թո­ղի­կոս Գա­րե­գին Բ-ի ջան­քե­րու շնոր­հիւ: «Իրա­տե­սի» տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ Գա­րե­գին Բ-ն ան­ձամբ խնդ­րած է Համայն Ռու­սիոյ պատ­րիարք Քի­րի­լէն ինչ-որ ձեւով լու­ծել Դա­դի­վան­քի հարցն ու թոյլ չտալ, որ այն Ատրպէյճա­նին անց­նի:

«Կա­թո­ղի­կո­սը պատ­րիար­քին ներ­կա­յաց­ուցած է, թէ հոգեւոր ու ազ­գա­յին ո­գե­ղէ­նու­թեան ա­ռու­մով մեզի՝ հա­յե­րուս հա­մար ինչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Դա­դի­վան­քը: Քի­րիլ պատ­րիար­քը լսած է խնդ­րան­քը, ըն­դա­ռա­ջած ու իր հեր­թին դի­մած ՌԴ նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նին: Եւ, փաս­տօրէն, Ռուսաս­տա­նի ան­մի­ջա­կան միջ­նոր­դու­թենէն ե­տք թէ՛ Դա­դի­վան­քը, թէ՛ Շու­շին ան­ցած են ռուս խա­ղա­ղա­պահ­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քոյ,- ըսած է «Իրատես»ի զրու­ցա­կիցն ու ա­ւե­լցուցած,- Այժմ կը քն­նարկ­ուի հար­ցը, թէ ինչ­պէս, ինչ ե­ղա­նա­կով հայ ուխ­տա­ւոր­նե­րը պիտի կարողանան Դա­դի­վանք այ­ցե­լել: Յոյ­սով ենք՝ ել­քեր կը գտն­ուին»: