image

Կարելի պիտի ըլլա՞յ փրկել Շուշիի թանգարաններու պարունակութիւնը

Կարելի պիտի ըլլա՞յ փրկել Շուշիի թանգարաններու պարունակութիւնը

Երէկ ես ալ իմ հերթին պաշտօնական նամակով դիմեցի Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոպիրքինին․ որպէս ՌԴ ներկայացուցիչ, խնդրեցի միջնորդել ատրպէյճանական կողմին, որպէսզի հնարաւորութիւն տրուի Արցախի հերոս Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանը ինչ-որ կերպ տեղափոխելու Հայաստան։ Այս  մասին գրառում կատարած է ԱԺ «Լուսաւոր Հայաստան»ի խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Կոստանեանը։

Ան մասնաւորապէս գրած է․

«Նամակիս մէջ նշած եմ նաեւ, որ ՌԴ Արտաքին գործոց նախարար Ս․ Լաւրովի, ՌԴ նախագահ Վ․ Փութինի կողմէ յատուկ շեշտադրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պաշտօնական առաքելութիւն իրականացնող խումբի այց դէպի Արցախ կազմակերպելու վերաբերեալ նախնական պայմանաւորուածութիւններու մասին։

Դեսպանէն խնդրեր եմ միջնորդել կապ հաստատել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահական առաքելութիւն իրականացնող զօրքերու գլխաւոր հրամանատար՝ զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովի հետ, որուն օժանդակութեամբ հնարաւոր կ'ըլլայ թերեւս հայկական կողմէն կազմել խումբ, որ Եունեսքօ-ի խումբի հետ համատեղ մուտք կը գործէ Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ մնացած արցախեան տարածքներուն մէջ գտնուող պատմամշակութային վայրեր, սրբավայրեր, թանգարաններ՝ ուսումնասիրութիւն կատարելու, փաստավաւերագրութեան համար տեսանկարահանում իրականացնելու եւ հնարաւորութեան պարագային ցուցանմուշները Շուշիի 5 թանգարաններէն դուրս բերելու համար։

Լիայոյս եմ նամակս դրական պատասխան կ'ունենայ»։